2011-09-11 09:50:27

<<Տէր Որու Երթանք>> Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած Իտալիոյ Ազգային 25րդ Գիտաժողովի Եզրափակում։


3 - 11 սեպտեմբեր Իտալիոյ Անգոնա քաղաքը ութը օրերու տեւողութեամբ հանդիսացաւ որպէս երկրի հոգեւոր մայրաքաղաքը։ Արդարեւ հոն տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Ազգային 25րդ գիտաժողովը։ Գիտաժողովի բացումը կատարեց անցեալ 3 սեպտեմբերին Սրբազան Քահանայապետի յատուկ նուիրակ Կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ` ի ներկայութեան իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոյի` Անգոնայի արքեպիսկոպոս Էտուարտօ Մենիքելլիի եւ այլ եկեղեցական ու քաղաքական պատուրակներու։ Գիտաժողովի փակման արարողութիւնը նախագահեց նոյնիքն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Անգոնա ժամանելով առաւօտեան 9.15-ին ու նաւահանգիստի նաւաշինարանի բացօթեայ տարածքի վրայ նախագահելով Սուրբ Պատարգի արարողութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Անգոնա կատարած այս հովուական այցելութիւնը 20րդ ացելութիւնն է իտալիոյ հողամասին, մինջ Մարքէ նահանգի Սրբազան հօր երկրորդ այցելութիւնն է։ Առաջինը 2007 ին էր երբ Լօրէթոյի մէջ իտալացի երատասարդներուն հետ հանդիպում ունեցաւ։ Նշենք որ ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետը 1979 - 2004 Մարքէ նահանգը այցելած էր 12 անգամ։ Նշենք նաեւ որ Մարքէ նահանգը տուած է 10 Քահանայապետներ։
Սրբազան Քահանայապետի միօրեայ այցելութեան օրակարգը բացի առաւօտեան Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած Իտալիոյ Ազգային 25րդ Գիտաժողովի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի արարողութենէն կը նախատեսէ երկու ուրիշ հանգրուաններ։ Ժամը 16.50 Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ընտանիքներու ու Կղերին հետ ապա ժամը 17.50 Փլէպիշիթօ հրապարակի վրայ հանդիպում երիտասարդ նշանուածներուն հետ։

Սրբազան հայրը առաւօտեան ժամը 8.30 իքնաթիռով մեկնեցաւ Հռոմէն ու անգոնայի օդակայանը ժամանեց 9.15 ուր զինք դիմաւորեցին Քահանայապետի յատուկ նուիրակ Կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ` Ւտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօ` Անգոնայի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Էտուարտօ Մենիքելլի` Իտալիոյ Վարչապետի խորհրդատու Ճաննի Լէթթան` Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպան Տիար ֆրանչէսքօ Մարիա Կրէգո` Իտալիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի նուիրակ գերապայծառ Ճուզեբբէ Պերթելլոն` Մարքէ նահանգի կառավարիչը եւ այլ եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ ։
Ժամը 10ին անգոնայի նաւահանգիստի տարածքի վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Ազգային 25րդ գիտաժողովի եզրափակիչ
Պատարագը որուն յաջորդեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ Կէսօրին Սրբազան հայրը Գոլլէ Ամէնօ հովուական կեդրոնի մէջ եպիսկոպոսներուն հետ միասին սեղանակից եղաւ Մարքէ նահանգի ինչազուրկերուն։ Յետմիջօրէի երկու հանդիպումներէ ետք ժամը 18.30 Պենետիկտոս ԺԶ կ՛ուղղուի Անգոնայի օդակայան ուր 18.45ին իքնաթիռով կը վերադառնայ Հռոմ։



Անգոնայ Թեմը Թիւերով

Անգոնայ թեմը ունի 500 քմ քառակուսի տարածութիւն։ 227.210 բնակչութիւն։ Թեմը ունի 72 ժողովրդապետութիւն ուր կը ծառայէն 144 քահանաներ եւ 15 մնայուն սարկաւագներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.